Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին յառաջապահ Եուրա Մովսիսեան յառաջիկայ մարտին Քալիֆորնիոյ մէջ (Միացեալ Նահանգներ) պիտի կատարէ եռօրեայ ցուցադրական մրցում մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն 2009-ի ծնունդ ֆութպոլիստները, այս մասին յայտնեց «Արմինիըն Ֆութպոլ Կրուփ»-ը:
Այս մրցումին ծիրին մէջ, այդ ֆութպոլիստները կարելիութիւն պիտի ունենան շփուելու մարզիչներու եւ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի ներկայացուցիչներուն հետ, իսկ յառաջիկային անոնցմէ շատերը կրնան միանալ Հայաստանի ֆութպոլի պատանեկան հաւաքականներուն:



