Ալաշկերտ Երեւան ֆութպոլի ակումբի մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ յայտարարեց, որ Արամ Ոսկանեան դարձեալ նշանակուեցաւ խումբի գլխաւոր մարզիչ:
Ոսկանեանի մարզչական կազմին մէջ ընդգրկուած են նաեւ Մանուկ Սարգսեան եւ Հայկ Ոսկանեան:
Նշենք, որ 46 տարեկան Ոսկանեան 2017-2019 ժամանակամիջոցին եւս գլխաւորած է Ալաշկերտը:
Անոր գլխաւորութեամբ Ալաշկերտ իր փորձերուն կը վերսկսի 15 յունուարին:
Ալաշկերտի եւ սերպ մասնագէտներ Միլան Միլանովիչի եւ Վլատիմիր Փրոչիքեւիչի միջեւ ստորագրուած պայմանագրութիւնը հասաւ իր աւարտին:
Երեւանեան ակումբը անոնց շնորհակալութիւն յայտնեց տարուած աշխատանքին համար եւ մաղթեց յաջողութիւն: