Ռուսահայ Էլինա Աւանեսեան չյաջողեցաւ ապահովել Աւստրալիոյ թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքին մասնակցութեան իր տոմսը` նկատի ունենալով, որ ան որակաւորման աւարտական հանգրուանի մրցումին պարտութիւն կրեց:
19 տարեկան հայ մարզիկը, որ մրցեցաւ միջազգային դասաւորման 120-րդ դիրքը գրաւող ուքրանացի Լեսիա Ցուրենքոյի դէմ, անկէ կրեց 6-4 եւ 6-0 արդիւնքով պարտութիւն մը:
Նշենք, որ «ՏԱՊԸԼԻՈՒ. ԹԻ. ԷՅ. »-ի միջազգային դասաւորման մէջ Աւանեսեան կը գրաւէ 214-րդ դիրքը: