Պարսելոնայի եւ աշխարհի ախոյեան Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Ուսման Տեմպելէ հրաժարեցաւ նոր պայմանագրութիւն մը ստորագրելէ իր ակումբին հետ, այս մասին յայտնեց սպանական մարզական մամուլը:
24 տարեկան ֆութպոլիստը այս ամառ կը դառնայ ազատ ֆութպոլիստ եւ կրնայ միանալ իր նախասիրած խումբին:
Տեմպելէով ցարդ հետաքրքրուած են Եուվենթուս, Մանչեսթըր Եունայթըտ եւ Չելսի:



