Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 11-րդ եւ երթի վերջին հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ` կիրակի, 16 յունուարին Տիք Մըհտիի իր դաշտին վրայ Շանվիլ հիւրընկալեց Ռիատին:
Երթի մրցումները աւարտեցան Ռիատիի յաղթանակով, որ 90-71 արդիւնքով պարտութեան մատնեց դաշտին տէրը:
Մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Ամիր Սէուտ (21 կէտ):