Երէկ` կիրակի, 16 յունուարին տեղի ունեցան Հայաստանի ճատրակի տղոց եւ աղջկանց ախոյեանութեան 5-րդ հանգրուանի հանդիպումները:
Տղոց մրցումներուն յաղթանակ արձանագրեցին Մանուէլ Պետրոսեան, Շանթ Սարգսեան, Տիգրան Պետրոսեան եւ Յովհաննէս Գաբուզեան:
Այս հանգրուանէն ետք, այժմ պարագլուխի դիրքը 3,5 կէտով կը գրաւէ Մանուէլ Պետրոսեան:
Ինչ կը վերաբերի աղջկանց մրցումներուն, յաղթանակ արձանագրեցին` Սուսաննա Գաբոյեան, Մարիամ Մկրտչեան, Մարիա Գէորգեան եւ Մարիամ Աւետիսեան:
Այժմ առաջին դիրքին վրայ է Սուսաննա Գաբոյեան (4 կէտ):