Նախապէս աշխարհի տղոց թենիսի միջազգային դասաւորման պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող անգլիացի Էնտի Միւրէյ, Սիտնիի մէջ (Աւստրալիա) տեղի ունեցող «ԷՅ. ԹԻ. ՓԻ.»-ի թենիսի մրցաշարքին գծով ապահովեց աւարտականի իր տոմսը:
Ան կիսաւարտականին գծով իր կատարած մրցումին 6-7, 6-4 եւ 6-4 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց 4-րդ դասուած ամերիկացի Ռէյլի Օփելքայի դէմ:
Աւարտականին ան այսօր իր դէմ պիտի ունենայ մրցաշարքին թիւ 1 դասուած մարզիկը` ռուս Ասլան Քարացեւը:
Նշենք, որ Միւրէյ վերջին անգամ «ԷՅ. ԹԻ. ՓԻ.»-ի թենիսի մրցաշարքին գծով աւարտականին հասած էր` հոկտեմբեր 2019-ին, Անվերսի մէջ (Պելճիքա):