Իտալական մարզական մամուլէն կը տեղեկանանք, որ Մանչեսթըր Եունայթըտի եւ Փորթուգալի ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին միջնապահ Լուիս Նանի կը վերադառնայ «Քալչիօ»:
Նշուեցաւ, որ ան արդէն իսկ կը գտնուի Իտալիա, ուր պիտի ենթարկուի բժշկական քննութիւններու, որմէ ետք պայմանագրութիւն մը պիտի ստորագրէ Վենեցիայի հետ:
Ան արդէն իսկ բաւական ծանօթ է իտալական դաշտերուն` նկատի ունենալով, որ անցեալին մաս կազմած է Լացիօ Ռոմային: