Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգին մէջ հանդէս եկող կազմերէն Արարատ-Երեւան վերադառնալով արձակուրդէն ուրբաթ, 14 յունուարին Ձորաղբիւրի մարզահամալիրին մէջ սկսաւ նախապատրաստուելու Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեանութեան երկրորդ բաժինին:
2022 տարուան առաջին փորձը խումբը կատարեց Էտկար Թորոսեանի գլխաւորութեամբ: Ան իրեն օգնական ունեցաւ մարզիչներ Ռաֆայէլ Սաֆարեանն ու Ալեքսանտր Պետրոսեանը:
Ֆութպոլիստները նախ փորձեր կատարեցին արուեստական խոտածածկով դաշտի վրայ, ապա իրենց փորձերը շարունակեցին մարզահամալիրին մէջ:
Յառաջիկայ շաբաթ Արարատ ֆութպոլի բարեկամական երեք մրցում պիտի կատարէ` յաջորդաբար մրցելով Շիրակի (22 յունուար), Ուրարտուի (26 յունուար) եւ Բանակային կեդրոնական մարզական ակումբին (29 յունուար) դէմ:
Նշենք, որ ախոյեանութեան 15-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք Արարատ 30 կէտով կը գրաւէ դասաւորման երրորդ դիրքը: