Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 11-րդ եւ երթի վերջին հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ երեկոյեան «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ Պէյրութ-Անիպալ Զահլէ մրցումը:
Երէկուան այս մրցումը աւարտեցաւ դաշտին տիրոջ` ՀՄԸՄ-ի տպաւորիչ յաղթանակով, որ 87-76 (19-16, 20-14, 24-14 եւ 24-32) արդիւնքով պարտութեան մատնեց իր մրցակիցը:
Այս յաղթանակը ՀՄԸՄ-ի համար եղաւ տարեշրջանի երկրորդը (8 պարտութեան կողքին), մինչ միայն յաղթանակ մը արձանագրած Անիպալ Զահլէ կրեց իր 9րդ պարտութիւնը:
ՀՄԸՄ-էն լաւ խաղարկութիւն մը ունենալով տապըլ-տապըլ մը իրագործեց Տանիէլ Պաղտատեան (24 կէտ, 16 ռիպաունտ), մինչ խմբապետ Քարլ Զալլում թրիփըլ-տապըլ մը իրագործեց (11 կէտ, 12 էսիսթ եւ 12 ռիպաունտ):