Մուտքի վիզայի խախտման համար Աւստրալիայէն վտարուած աշխարհի թենիսի միջազգային դասաւորման պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող սերպ Նովաք Ճոքովիչ երէկ վերադարձաւ հայրենիք:
Սերպիոյ մայրաքաղաք Պելկրատ հասնելէն ետք, Ճոքովիչ հրաժարեցաւ որեւէ մեկնաբանութիւն կատարել:
Աւստրալիոյ ներքին գործոց նախարարը յայտարարեց, որ Ճոքովիչին երեք տարի կ՛արգիլուի Աւստրալիոյ հողերէն ներս մուտք գործել:
Թենիսի իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին 9 կրան շլեմի մրցաշարքերու տիրացած Ճոքովիչ Աւստրալիա հասած էր առանց «Քորոնա» ժահրին դէմ պատուաստ ստանալու` նկատի ունենալով, որ նախորդ դեկտեմբերին վարակուած էր վերոնշեալ ժահրով եւ ապա առողջացած:



