Նախորդ շաբաթավերջին Լիբանանի ճատրակի ընտանիքը կորսնցուց պատանի ճատրակ խաղացող Մոհամետ Ժաուիշը, որ երկու տարի պայքարելէ ետք քաղցկեղի հիւանդութեան դէմ, մահացաւ 16 տարեկան հասակին:
Ան Լիբանանի տարիքային տարբեր դասակարգերու ախոյեանութիւններուն տիրացած է բազմաթիւ առաջնութիւններու:
Անոր հայրը` Ալի, մաս կը կազմէ Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին, մինչ անոր եղբայրը` Ամրօ, բազմաթիւ առիթներով հանդիսացած է Լիբանանի ախոյեան:
Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնը իր ցաւակցութիւնները յայտնեց հանգուցեալ ախոյեանի ընտանիքին: