«ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ. »-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ երէկ կատարուած մրցումներուն, Լոս Անճելըս Լէյքըրզ, որ իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց Եութա Ճեզը, արձանագրեց 101-95 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Յաղթական կազմէն տպաւորիչ ելոյթ ունենալով 25 կէտ, 7 էսիսթ եւ 7 ռիպաունտ նշանակեց անուանի խաղացող Լեպրոն Ճէյմս:
Այս ցուցանիշին շնորհիւ Լեպրոն Ճէյմս յաջողեցաւ «ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ. »-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան գծով մրցանիշ հաստատել` նկատի ունենալով, որ ան միակն է, որ յաջորդաբար 14-րդ մրցումն ըլլալով կը նշանակէ նուազագոյնը 25 կէտ, առնուազն մէկ անգամ կը նշանակէ թրի փոյնթ եւ ձեռք կը ձգէ 5 ռիպաունտ: