Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեան` Պայէրն Միւնիխին մաս կազմող լեհ յառաջապահ Ռոպերթ Լեւանտովսքի նախորդ շաբաթավերջին Քէօլնի դէմ արձանագրուած յաղթանակին (4-0) կերտեց իր կազմին յաղթանակը` դառնալով հեթրիքի հեղինակ:
33 տարեկան ֆութպոլիստը, այսպիսով դարձաւ «Պունտըսլիկա»-ի պատմութեան երկրորդ ֆութպոլիստը, որ կը նշանակէ 300 կոլ:
Անոր համար այս ցուցանիշին հասնելու համար պահանջուեցաւ 369 մրցում:
Մրցանիշը կը պատկանի անցեալին Պայէրն Միւնիխին մաս կազմած, նախորդ տարի մահացած 75 տարեկան Կերթ Միւլըրի, որ «Պունտըսլիկա»-ի մրցումներուն 427 մրցումի ընթացքին նշանակեց 365 կոլ: