Լիվըրփուլ քաղաքի Էվըրթըն ֆութպոլի ակումբը երէկ պաշտօնանկ ըրաւ իր մարզիչը` սպանացի Ռաֆայէլ Պենիթեսը, խումբին արձանագրած բաւական ձախող արդիւնքներուն պատճառով:
Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 22-րդ հանգրուանի մրցումներուն, նախորդ շաբաթավերջին Էվըրթըն իր դաշտին վրայ կրեց 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը` վտանգաւոր դիրքի վրայ գտնուող Նորուիչէն:
19 մրցում կատարած Էվըրթըն այժմ 19 կէտով միայն կը գրաւէ դասաւորման 16-րդ դիրքը:
Ռաֆայել Պենիթես նախորդ յունիս 2021-ին նշանակուած էր խումբի մարզիչ` փոխարինելով իտալացի Քարլօ Անչելոթթին, որ տեղափոխուած էր Ռէալ Մատրիտ: