Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի 26 տարեկան միջնապահ Էտկար Բաբայեան դարձեալ ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը պիտի շարունակէ Դանիոյ մէջ` նկատի ունենալով, որ ան երէկ կէս տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց դանիական Վեժլէ խումբին հետ, որ ներկայիս ուսումնամարզական հաւաք մը կը կատարէ Թուրքիոյ մէջ:
Բաբայեան անցեալին Դանիոյ մէջ հանդէս եկած է 2013-2017 ժամանակամիջոցին, ուր մաս կազմած է Ռանտերսի (2013-2017) եւ Հոպրոնի (2017-2021):
Ան նախորդ տարի հանդէս եկաւ լաթվիական Ռիկայի հետ, իսկ աշնան տեղափոխուեցաւ կիպրական Փաֆոս, որուն հետ իր պայմանագրութիւնը խզեց նախորդ ամիս:
Նշենք, որ Դանիոյ ախոյեանութիւնը կը վերսկսի 18 փետրուարին:
Անոր նոր կազմը, այժմ 17-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք 9 կէտով կը գրաւէ դասաւորման վերջին դիրքը:



