Ինչպէս ակնկալուած էր, այդպէս ալ պատահեցաւ: Մանչեսթըր Եունայթըտի մաս կազմող ֆրանսացի յառաջապահ Էնթընի Մարթիալ, մինչեւ այս տարեշրջանին աւարտը փոխ տրուեցաւ սպանական Սեւիլլային, այս մասին պաշտօնապէս յայտարարեց վերջինիս մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Մարթիալ, որ Լիոնի ֆութպոլի ակադեմիայի սան է, 2013-ի ամրան փոխան 5 միլիոն եւրոյի տեղափոխուեցաւ Մոքանօ, իսկ 2015-ին` Մանչեսթըր Եունայթըտ` փոխան` 60 միլիոն եւրոյի:
Նշենք, որ անոր փոխանցման արժէքը, ներկայիս կը գնահատուի 32 միլիոն եւրոյով:
Ընթացիկ տարեշրջանին ան Եունայթըտի հետ կատարեց 11 մրցում: