Հարաւային Ամերիկայի գօտիին մէջ տեղի ունեցող 2022-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքի 15-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Արժանթին, որ հիւրը եղաւ Չիլիին, արձանագրեց 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Անխել Տի Մարիա (9-րդ) եւ Լաութարօ Մարթինես (39-րդ) նշանակեցին Արժանթինի կոլերը:
Աթլեթիքօ Մատրիտի յառաջապահ Լուիս Սուարեզի նշանակած կոլին շնորհիւ (50-րդ), Ուրուկուէյ 1-0 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Փարակուէյի դաշտէն:
Սակայն Պրազիլ արձանագրեց 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը` Էքուատորի դաշտին վրայ: Քազեմիրօ նշանակեց Պրազիլի կոլը (6-րդ):
Այս հանգրուանէն ետք, այժմ Պրազիլ 36 կէտով կը գրաւէ դասաւորման առաջին դիրքը, որուն կը յաջորդէ Արժանթին (32 կէտ):
Նշենք, որ անոնք երկուքն ալ արդէն իսկ ապահոված են Քաթարի մէջ տեղի ունենալիք 2022-ի Մոնտիալի իրենց տոմսը:
Դասաւորման առաջին չորս դիրքերը գրաւող խումբերը` Հարաւային Ամերիկայի գօտիէն, կ՛ապահովեն Քաթարի իրենց տոմսերը: