Ռէալ Մատրիտին մաս կազմող պրազիլցի յետսապահ Մարսելօ, որ Էլչէի դէմ կատարուած մրցումին (Սպանիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարք) կարմիր քարտ մը ստացաւ, Սպանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին կողմէ երեք մրցումով կախակայուեցաւ:
Ան իր ստացած կարմիր քարտէն դժգոհ մնալով օրուան կեդրոնի իրաւարար Խորխէ Վասքեսին ըսած էր, թէ «դուն շատ վատ ես»:
Արքայական ակումբը թէեւ բողոքեց այս որոշումին դէմ, սակայն Սպանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը ետդարձ չկատարեց իր տուած որոշումէն:
Եթէ անոր ակումբը յաջողութիւն կարենայ արձանագրել, ան պիտի բացակայի քառորդ աւարտականի, կիսաւարտականի եւ աւարտականի մրցումներէն: