Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 13-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, երէկ` հինգշաբթի, 27 յունուարին, Շիահի իր մարզադաշտին վրայ Պէյրութ հիւրընկալեց Պիպլոսը:
Մրցումը աւարտեցաւ հիւրընկալ կազմին բաւական մեծ յաղթանակով` 115-74 արդիւնքով (22-18, 29-16, 31-19 եւ 33-21):
Բացառիկ ելոյթ մը ունենալով` թրիփըլ-տապըլ մը իրագործեց Հայկ Կէօքճեան (26 կէտ, 11 ռիպաունտ եւ 10 էսիսթ):
Անոր խմբակից Սերճիօ Տարուիշ տապըլ-տապըլ մը իրագործեց (21 կէտ, 11 ռիպաունտ):
Նշենք, որ Պէյրութ յաջողեցաւ նշանակել 12 թրի-փոյնթնոց կողովներ:
Այս հանգրուանի ծիրին մէջ, այսօր ժամը 19:30-ին, Տիք Մըհտիի իր դաշտին վրայ Շանվիլ կը հիւրընկալէ Անիպալը:



