Երէկ` հինգշաբթի, 27 յունուարին Ասիոյ գօտիին մէջ տեղի ունեցան 2022-ի Մոնտիալի Գ. հանգրուանի ճակատումները, Բ. խմբակին մէջ:
Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբը, որ կատարեց իր 7-րդ մրցումը, հիւրընկալելով Հարաւային Քորէան, անկէ կրեց 1-0 արդիւնքով պարտութիւն մը:
Ա. կիսախաղին կորսուած վայրկեաններուն, Սհօ Կիւյէ-Սոնկ նշանակեց մրցակից կազմին եւ մրցումին միակ կոլը:
Յաջորդաբար երրորդ անգամ ըլլալով Իրան ապահովեց Մոնտիալի իր տոմսը` յաղթելով իր հիւրին` Իրաքին, նոյն արդիւնքով:




