Սպանական «Մարքա» անուանի մարզական օրաթերթին համաձայն, շատ հաւանական է, որ Ռէալ Մատրիտ շուտով իր կազմին միացնէ պրազիլական Փալմէյրասին մաս կազմող 15 տարեկան յառաջապահ` Ֆելիփէ Էնտրիքը:
Նշուեցաւ, որ պրազիլցին Փալմէյրասի 17 եւ 19 տարեկանէն վար խումբերուն հետ ցարդ իր կատարած 170 մրցումներուն ընթացքին նշանակած է 167 կոլ, ինչ որ ակումբին պատմութեան մէջ մրցանիշ մը կը նկատուի:
Պրազիլական ակումբներուն համար անոր հրաժարագինը 17 միլիոն եւրօ է: