Լոնտոնեան Չելսիի խմբապետ Սեզար Ասփիլիքուեթա ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը պիտի շարունակէ Պարսելոնայի հետ, այս մասին երէկ յայտնեց սպանական մարզական մամուլը:
Նշուեցաւ, որ յառաջիկայ ամրան ընթացքին Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի յետսապահը անվճար պիտի տեղափոխուի քաթալոնական կազմ:
Անոր պայմանագրութիւնը անգլիական ակումբին հետ վերջ կը գտնէ այս տարեշրջանի աւարտին եւ ան մտադիր չէ իր համագործակցութիւնը շարունակել անոր հետ:
Ընթացիկ տարեշրջանին ան Չելսիի հետ կատարեց ընդամէնը 27 մրցում` բոլոր մրցաշարքերուն ընթացքին: