Ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմեն ֆութպոլի ակումբը յառաջիկայ ամրան ընթացքին, պայմանագրութիւն մը պիտի առաջարկէ անգլիական Մանչեսթըր Եունայթըտին մաս կազմող եւ աշխարհի ախոյեան Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբին միջնապահ Փոլ Փոկպային, այս մասին յայտնեց ֆրանսական անուանի մարզական օրաթերթը` «Լ՛Էքիփ»-ը:
Փարիզեան ակումբը կ՛ուզէ անվճար ձեռք ձգել Փոկպայի ստորագրութիւնը` նկատի ունենալով, որ անոր պայմանագրութիւնը` մանչեսթըրեան ակումբին հետ, վերջ կը գտնէ այս տարեշրջանի աւարտին:
Նշուեցաւ, որ Սեն Ժերմենի թեքնիք տնօրէն Լէոնարտօ արդէն իսկ բանակցած է ֆութպոլիստին փոխանցման գործերը վարող Մինօ Ռայոլայի հետ:
Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան ընթացիկ տարեշրջանին, 28 տարեկան ֆութպոլիստը 9 մրցումի ընթացքին կատարած է 7 էսիսթ:


