Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 13-րդ հանգրուանի բացման մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցաւ Աթլաս Ֆըրզոլ-ՀՄԸՄ հանդիպումը, Անտոնեան վարժարանի դաշտին վրայ (Պաապտա):
Մրցումը աւարտեցաւ Աթլասի յաղթանակով` 77-61 արդիւնքով (19-7, 18-7, 18-19 եւ 22-28):
Նշենք, որ մրցումին տեւողութեան, Աթլաս ունեցաւ 27 կէտի առաւելութիւն մը (44-17):
ՀՄԸՄ-էն տապըլ-տապըլ մը իրագործեց Էլիօ Սաատ (11 կէտ, 14 ռիպաունտ), մինչ Աթլասէն Պասել Հարֆուշ` 19 կէտ, 11 ռիպաունտ:
Այսօր` հինգշաբթի, 27 յունուարին ժամը 19:30-ին, Շիահի իր մարզադաշտին վրայ Պէյրութ կը հիւրընկալէ Պիպլոսը:



