Միջազգային մարզական մամուլը, անդրադառնալով աշխարհի լողարշաւի ախոյեանութեան, յայտնեց, որ միջազգային լողարշաւի ֆետերասիոնին որոշումով, անոր կայացումը դարձեալ յետաձգուեցաւ:
Սկզբունքով անիկա տեղի պիտի ունենար նախորդ տարի, 16 յուլիսէն 1 օգոստոս:
Սակայն Թոքիոյի ողիմպիական խաղերուն յետաձգման պատճառով անիկա յետաձգուեցաւ 13-29 մայիս 2022-ին:
Սակայն անոր կայացումը այս շաբաթասկիզբին ունեցաւ նոր թուական մը` 2023:
Անոր յետաձգումը տեղի կ՛ունենայ «Քորոնա» ժահրի համավարակին պատճառով:



