Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի երկրորդ մրցումին, երէկ երեկոյեան «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ իրարու դէմ մրցեցան ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ եւ Չեմփս:
Չեմփս, որ առաջին մրցումին արձանագրած էր 48-28 արդիւնքով յաղթանակ մը, երէկ եւս յաղթանակ մը արձանագրեց, այս անգամ` 47-44 արդիւնքով:
ՀՄԸՄ-էն տապըլ-տապըլ մը իրագործեց Եարա Արիտի (14 կէտ, 10 ռիպաունտ), ապա երկրորդ ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Լարա Աշըքեան (8 կէտ):
Իսկ Չեմփսէն տապըլ տապըլ մը իրագործեց Քրիսթինա Պատօ (12 կէտ, 10 ռիպաունտ):
Այսպիսով, Չեմփս, որ երեք մրցումէ արձանագրեց երկու յաղթանակ, հանդիսացաւ Լիբանանի աղջկանց Բ. դասակարգի ախոյեան:
Մրցումին աւարտին ախոյեան խումբը իր տիտղոսը ստացաւ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Շարպել Ռըզքէն:
Նշենք, որ յառաջիկայ տարեշրջանին ախոյեան Չեմփս եւ փոխախոյեան` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ ելոյթ պիտի ունենան Ա. դասակարգին մէջ: