Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարար Վահրամ Թումանեան եւ նախարարի տեղակալ Կարէն Գիլոյեան երէկ մարզական կոչումներ շնորհեցին շարք մը անուանի մարզիչ-մանկավարժներուն, այս մասին յայտնեց նախարարութեան պաշտօնական կայքը:
Տարբեր տեսակի կոչումներու արժանացան Արմէն Գրիգորեան, Միխայիլ Աբրահամեան, Աշոտ Վարդապետեան, Բագրան Աւոյեան, Ռոպերթ Պետրոսեան, Աշոտ Աւետիսեան, Ալեքսան Կարապետեան, Գագիկ Գրիգորեան, Ռուսլան Խուդանեան, Տիգրան Գէորգեան, Տիգրան Պօղոսեան, Վահագն Խաչատրեան, Ազատ Անդրեան, Իվան Ազիզբէկեան, Սերոբ Աւետիսեան, Սուսաննա Մկրտչեան, Յովսէփ Յովսէփեան, Արմէն Մալխասեան, Յարութիւն Նազարեան եւ Էտկար Ենոքեան:
Նախարար Թումանեան բարձր գնահատեց բոլոր կոչում ստացողներուն նուիրուածութիւնը` հայկական մարզաշխարհի զարգացման գծով իրենց կատարած աշխատանքին մէջ:



