Հայաստանի մարմնամարզութեան ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ աշխարհի մարմնամարզութեան բաժակի մրցաշարքին Հայաստանի հաւաքականը ելոյթ պիտի ունենայ չորս մարզիկով:
Գերմանական Քոթպուս քաղաքին մէջ տեղի ունենալիք այս մրցաշարքին Հայաստանը պիտի ներկայացնեն Արթուր Դաւթեան, Վահագն Դաւթեան, Արթուր Աւետիսեան եւ Գագիկ Խաչիկեան:
Աշխարհի բաժակի մրցաշարքին յաջորդ երկու հանգրուանները տեղի պիտի ունենան Տոհայի եւ Գահիրէի մէջ:
Այս վերջին երկուքին հաւաքականին պիտի միանայ Հայաստանի բազմակի եւ Եւրոպայի ախոյեան Յարութիւն Մերդինեան: