Ռուսահայ Կարէն Խաչանով, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Տուպայի մէջ (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ) տեղի ունեցող «ԷՅ. ԹԻ. ՓԻ.-500» թենիսի միջազգային մրցաշարքին, երէկ չկրցաւ ապահովել քառորդ աւարտականի իր տոմսը, երբ պարտութիւն մը կրեց աշխարհի միջազգային դասաւորման առաջին դիրքին վրայ գտնուող սերպ Նովաք Ճոքովիչէն` 6-3 եւ 7-6 արդիւնքով:
Քառորդ աւարտականին 20 կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքերու տիտղոսակիր` Ճոքովիչ իր դէմ պիտի ունենայ չեխ Եիրի Վեսելին, որ իր յաղթանակը արձանագրեց սպանացի Ռոպերթօ Պաութիսթա-Ակութիի դէմ:
Նշենք, որ մրցաշարքին մրցանակային հիմնադրամը կը կազմէ 2,7 միլիոն ամերիկեան տոլար: