Սպանացի միջազգային անուանի թենիսմեն Ռաֆայէլ Նատալ, որ թենիսի իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին ցարդ տիրացած է 21 կրան շլեմի տիտղոսներու, նախորդ շաբաթավերջին յաջողեցաւ տիրանալ իր արհեստավարժ ասպարէզին 91-րդ տիտղոսին, երբ մեքսիքական Աքափուլքօ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած միջազգային մրցաշարքի աւարտականին 6-4 եւ 6-4 արդիւնքով յաղթեց 26 տարեկան անգլիացի Քեմերոն Նորիի:
Այսպիսով, իր ստացած վնասուածքէն ետք, Նատալ տիրացաւ իր երրորդ տիտղոսին:
Նշենք, որ 35 տարեկան Նատալ այսպիսով այս տարի յաջողեցաւ արձանագրել իր 15-րդ յաջորդական յաղթանակը:


