Կազմակերպութեամբ Լիբանանի դահուկարշաւի ֆետերասիոնին, այսօր` չորեքշաբթի, 23 փետրուարին, մեկնարկը կը տրուի Ասիոյ դահուկարշաւի 30-րդ ախոյեանութեան (տղաք եւ աղջիկներ), Մըզար Սքի Ռիզորթի մէջ (Քֆարզըպիան)` ներկայութեամբ եւ հովանաւորութեամբ միջազգային դահուկարշաւի ֆետերասիոնի նախագահ Եոհան Եասիշի, որ այսօր կ՛այցելէ Լիբանան:
Այս ախոյեանութիւնը պիտի երկարի երեք օրերու վրայ:
Անոր իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն հետեւեալ 11 երկիրները.
Հարաւային Քորէա, Ղազախստան, Հոնկ Քոնկ, Նեփալ, Ուզպեքիստան, Հնդկաստան, Իրան, Խըրխըզիստան, Տաճիկիստան, Թայլանտ եւ Լիբանան:
Նշենք, որ այս գծով Լիբանանի դահուկարշաւի ֆետերասիոնը նախանցեալ օր «Ա. ԹԷ. ՍԷ. ԷԼ.»-ի մէջ (Քասլիք) տուաւ յատուկ մամլոյ ասուլիս մը` մանրամասն տեղեկութիւններ ներկայացնելով ախոյեանութեան գծով:


