Իտալական «Քորիերէ Տելլօ Սփոր» մարզաթերթին համաձայն, շատ հաւանական է, որ Ա. Էս. Ռոմա իր կազմին միացնէ Պարսելոնայի յետսապահ Սերժինիօ Տեսթը:
Քաթալոնական ակումբը պատրաստ է փոխան 20 միլիոն եւրոյի ծախելու Միացեալ Նահանգներու ֆութպոլի ազգային խումբին 21 տարեկան ֆութպոլիստը, որ դէմ չէ իտալական ակումբ տեղափոխուելուն:
Տեսթով հետաքրքրուած է նաեւ ֆրանսական Մոնաքոն:
Ան հոկտեմբեր 2020-ին փոխան 21 միլիոն եւրոյի Այաքս Ամսթերտամէն միացաւ Պարսելոնային` անոր հետ մինչեւ յունիս 2025 պայմանագրութիւն մը ստորագրելով:
Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան ընթացիկ տարեշրջանին ան Պարսայի հետ իր մասնակցութիւնը բերած է 16 մրցումի` կատարելով 3 էսիսթ:


