Ճատրակի միջազգային ֆետերասիոնը` ՖԻՏԷ-ն, ճատրակի աշխարհի բազմաթիւ ներկայացուցիչներու, ֆետերասիոններու պահանջով, շուտով պիտի գումարէ արտակարգ նիստ մը, որուն ընթացքին գլխաւոր օրակարգ պիտի ունենայ այս տարի Ռուսիոյ մայրաքաղաք Մոսկուայի մէջ տեղի ունենալիք Օլիմփիատը, ինչպէս նաեւ այլ մրցաշարքերու հոն կայացումը ջնջել, այս մասին յայտնեց ՖԻՏԷ-ի պաշտօնական կայքը:
Բնականաբար պատճառը Ռուսիոյ զինուած ուժերուն ներխուժումն է Ուքրանիա:
Նշենք, որ սկզբունքով յուլիս-օգոստոս ամիսներուն, Մոսկուայի մէջ տեղի պիտի ունենայ համաշխարհային Օլիմփիատը:
Ներկայիս ՖԻՏԷ-ին նախագահն է ռուս Արկադի Տվորքովիչ:


