Միացեալ Նահանգներու դրօշին տակ հանդէս եկող հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան, որ իր մասնակցութիւնը բերաւ ճատրակի «Էրթինկզ Մասթըրզ»-ի առցանց մրցաշարքին, չկրցաւ յաղթահարել նախնական հանգրուանի արգելքը:
Արոնեան, որ վերջին հանգրուանին պարտութիւն մը կրեց ռուս Անտրէյ Եսիփենքոյէն, 21 կէտ ապահովելով եւ գրաւելով 9-րդ դիրքը, աւարտեց իր ելոյթները:
Յաղթանակի համար կը տրուի 3 կէտ, իսկ հաւասարութեան պարագային` կէտ մը:
Նախնական հանգրուանին իրենց մասնակցութիւնը բերին 16 ճատրակ խաղացողներ:
Փլէյ օֆի մրցումներուն իրենց տոմսը ապահովողներէն եղան Քարլսըն, Նեփոմնիաչի եւ վեց ուրիշներ:
Նշենք, որ «Էրթինկզ Մասթըրզ»-ը «Մելթուոթըր Չեմփիընզ Չես Թուր»-ի 9 մրցաշարքերէն առաջինն է:


