Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանի մրցումները երէկ հասան իրենց աւարտին, երբ կատարուեցան յայտագիրին վրայ եղող երեք մրցումները:
Վերջին մրցումին, որ տեղի ունեցաւ ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ (Նաքքաշ), Անդրանիկ Պէյրութ 69-43 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց իր հիւրէն` ՀՄԸՄ Անթիլիասէն:
Թէեւ առաջին քորթըրը աւարտեցաւ հաւասարութեամբ (12-12), սակայն երկրորդին ՀՄԸՄ ունեցաւ 7 կէտի առաւելութիւն մը (27-20):
Երրորդին տարբերութիւնը բարձրացաւ 17-ի (48-31), իսկ չորրորդ եւ վերջինին` 26-ի (69-43):
Մինչ ՀՄԸՄ արձանագրեց իր երկրորդ յաղթանակը, անդին Անդրանիկ կրեց տարեշրջանի իր առաջին պարտութիւնը:
Նշենք, որ այս մրցումէն առաջ տեղի ունեցած Անդրանիկ Սին Էլ Ֆիլ-Ռիատի Պէյրութ մրցումը աւարտեցաւ հիւր կազմին յաղթանակով` 86-34 արդիւնքով: