Խառն մենամարտերու «ԵՈՒ. ԷՖ. ՍԻ.»-ի թեթեւ քաշային կարգին մէջ հանդէս եկող ռուսահայ Արման Ծառուկեան, որ երէկ Լաս Վեկասի (Միացեալ Նահանգներ) մէջ մրցեցաւ սպանացի Խոյել Ալվարեսի դէմ, արձանագրեց տպաւորիչ յաղթանակ մը:
Ան երկրորդ ռաունտին իսկ նաք աութի ենթարկեց իր մրցակիցին եւ արձանագրուեցաւ թեքնիք նաք աութ:
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Ծառուկեան պարզեց Հայաստանի դրօշը:


