Ճատրակ. Աշխարհի Խմբային Ախոյեանութիւնը Յետաձգուեցաւ
Ճատրակի միջազգային ֆետերասիոնը` ՖԻՏԷ-ն, պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ յայտնեց, որ յետաձգեց աշխարհի ճատրակի ախոյեանութիւնը: Անիկա նախատեսուած էր կայացնել ապրիլ 2022-ին` Երուսաղէմի մէջ: «Ուքրանիոյ մէջ շարունակուող ողբերգական իրադարձութիւններուն պատճառով, Ուքրանիոյ հաւաքականին մասնակցութիւնը երաշխաւորուած պիտի չըլլայ, իսկ Ռուսիոյ խումբին մասնակցութիւնը թոյլատրելի պիտի չըլլայ: «Բացի ատկէ, քանի մը այլ խումբեր ցարդ չեն հաստատած իրենց մասնակցութիւնը անոր», նշուեցաւ վերոնշեալ կազմակերպութեան հաղորդագրութեան մէջ: Կը նախատեսուի...




















