Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը կը տեղեկացնէ, որ Հայաստանը ներկայացնող 7 խաղացողներ իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն Եւրոպայի ճատրակի անհատական ախոյեանութեան:
Եւրոպայի ախոյեանութեան մասնակիցներն են` Գաբրիէլ Սարգսեան, Սամուէլ Տէր Սահակեան, Ռոպերթ Յովհաննիսեան, Հայկ Մարտիրոսեան, Մամիկոն Ղարիբեան, Մանուէլ Պետրոսեան եւ Շանթ Սարգսեան:
Եւրոպայի այս ախոյեանութիւնը, որ այս տարի տեղի պիտի ունենայ Սլովենիոյ մէջ, պիտի սկսի շաբաթ, 26 փետրուարին եւ իր աւարտին պիտի հասնի 7 ապրիլին:
Անիկա բաղկացած է 11 հանգրուանէ եւ տեղի պիտի ունենայ զուիցերիական օրէնքին հիմամբ:
Անոր մրցանակային հիմնադրամը կը կազմէ 100 հազար եւրօ:


