Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեան Պայէրն Միւնիխին մաս կազմող լեհ միջազգային յառաջապահ Ռոպերթ Լեւանտովսքի կ՛ուզէ ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը շարունակել Ռէալ Մատրիտի հետ, այս մասին յայտնեց սպանական մարզական մամուլը:
33 տարեկան ֆութպոլիստը կը փափաքի յառաջիկայ ամրան ընթացքին անպայման տեղափոխուիլ արքայական ակումբ:
Անոր պայմանագրութիւնը միւնիխեան ակումբին հետ վերջ կը գտնէ յունիս 2023-ին:
Նշենք, որ անոր փոխանցման արժէքը կը գնահատուի 50 միլիոն եւրոյով:


