Լիբանանի ֆութպոլի Դ. դասակարգի ախոյեանութեան Գ. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ (Պէյրութի նահանգ), նախանցեալ օր ՀՄԸՄ Պէյրութ մրցեցաւ Պէյրութի դէմ:
Այս մրցումը, որ տեղի ունեցաւ Նըժմէի դաշտին վրայ, աւարտեցաւ ՀՄԸՄ-ի կազմին յաղթանակով` 3-0 արդիւնքով (կիսախաղ` 0-0):
ՀՄԸՄ-ի կազմին կոլերը նշանակեցին Կերի Լեփեճեան (58-րդ), Նարեկ Ատուրեան (91-րդ) եւ Ալի Իսսա (95-րդ):
Պէտք է ըսել, որ ՀՄԸՄ-ի մարզիկները լաւապէս գործադրեցին իրենց մարզիչին` Վաչէ Սարգիսեանի տուած ցուցմունքները եւ խմբային բացառիկ խաղարկութիւն ցուցադրելով իրենց մրցակիցէն խլեցին առաւելագոյն երեք կէտը:
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, այժմ ՀՄԸՄ 6 կէտով կը գրաւէ դասաւորման երրորդ դիրքը:
Պարագլուխի դիրքին վրայ կը գտնուի Աթլեթիքօ Պէյրութ, որ ապահոված է առաւելագոյն 9 կէտը:
Երկրորդ դիրքին վրայ կը գտնուի Նըժում, որ ապահոված է 7 կէտ:


