«Ֆորպս» յայտարարեց, որ «Ատիտաս» հանրածանօթ ընկերութիւնը պաշտօնապէս դադրեցուց իր համագործակցութիւնը Ռուսիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին հետ` ռուսական ուժերուն Ուքրանիա ներխուժման պատճառով:
Անոնց միջեւ պայմանագրութիւնը նախատեսուած էր մինչեւ 2026:
«Ատիտաս» Ռուսիոյ ֆութպոլի բոլոր հաւաքականներուն թեքնիք հովանաւորն էր:


