Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Անիպալ Զահլէ-Ռիատի Պէյրութ Մրցումով Այսօր Կ՛աւարտի 14-րդ Հանգրուանը
Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 14-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցած Անդրանիկ Պէյրութ-Պէյրութ մրցումը, որ տեղի ունեցաւ ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ, աւարտեցաւ հիւր կազմին բաւական մեծ յաղթանակով` 111-58 արդիւնքով (13-30, 11-36, 16-27 եւ 18-18): Մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Պէյրութէն Ժերար Հատիտեան (26): Անոր խմբակից Ուաէլ Արաքժի նշանակեց 20 կէտ, իսկ Հայկ Կէօքճեան` 11 կէտ: Իսկ Անդրանիկէն...




















