Իր հրապարակած պաշտօնական մէկ հաղորդագրութեան մէջ, Ժիւտոյի միջազգային ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ կազմակերպութիւնը որոշեց դադրեցնել Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի լիազօրութիւնները` իբրեւ ֆետերասիոնի պատուոյ նախագահ եւ դեսպան:
Ասիկա հետեւանք է Ռուսիոյ շղթայազերծած յարձակումին` Ուքրանիոյ վրայ:
Նշենք, որ Փութին 2008-ին արժանացած էր ժիւտոյի միջազգային ֆետերասիոնի պատուոյ նախագահի կարգավիճակին:
Ֆետերասիոնը նաեւ ջնջեց 20-22 մայիսին Քազանի մէջ (Ռուսիա) նախատեսուած միջազգային մրցաշարքի մը կայացումը: