Պելճիքայի ֆութպոլի ախոյեանութեան 29-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Ֆ. Ք. Պրիւժ, որ հիւրընկալեց Անվերսը, արձանագրեց 4-1 արդիւնքով կարեւոր յաղթանակ մը:
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յառաջապահ Սարգիս Ադամեան, որ դաշտ ներկայացած էր իբրեւ հիմնական մարզիկ, 59-րդ վայրկեանին դարձաւ կոլի հեղինակ:
Ադամեան, որ փոխարինուեցաւ 82-րդ վայրկեանին, յաջորդաբար երկրորդ մրցումն ըլլալով կը դառնայ կոլի հեղինակ:
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Ֆ. Ք. Պրիւժ այժմ 57 կէտով կը գրաւէ դասաւորման երկրորդ դիրքը` 7 կէտով ետ մնալով պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Իւնիոնէն:


