Իրենց հրապարակած պաշտօնական հաղորդագրութիւններուն մէջ, ՖԻՖԱ-ն եւ «ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա. »-ն յայտարարեցին, որ Ռուսիոյ ֆութպոլի բոլոր հաւաքականներն ու ակումբները հեռացուեցան միջազգային բոլոր տեսակի մրցաշարքերէն:
2022-ի Մոնտիալի փլէյ օֆի կիսաւարտականին գծով, Ռուսիա պէտք էր մրցէր Լեհաստանի դէմ, իսկ Սպարտակ Մոսկուա` գերմանական Լայփցիկի դէմ, «Եուրոփա-Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին 1-16րդ հանգրուանին գծով:
Այս որոշումը բնականաբար հետեւանք է Ռուսիոյ զինուած ուժերու ներխուժման` Ուքրանիոյ սահմաններէն ներս:
Նշենք, որ նախքան այս որոշումին յայտարարուիլը, Լեհաստան, Շուէտ, Չեխիա, Ալպանիա, Իրլանտա, Զուիցերիա, Անգլիա եւ Նետերլանտներ նշեցին, որ չեն ուզեր որեւէ տեսակի մրցում կատարել Ռուսիոյ դէմ: