Միացեալ Նահանգներու ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Մէյճըր Լիկ»-ին մասնակցող խումբերէն Լոս Անճելըս Կալաքսի կ՛ուզէ իր կազմին միացնել ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմենին մաս կազմող սպանացի Սերճիօ Ռամոսը, այս մասին երէկ յայտնեց միջազգային մարզական մամուլը:
Ռամոսի պայմանագրութիւնը ֆրանսական ակումբին հետ նախատեսուած է մինչեւ յունիս 2023:
Ներկայիս անոր փոխանցման արժէքը կը գնահատուի 8 միլիոն եւրոյով: