Միջազգային մարզական մամուլին համաձայն, եւրոպական երեք անուանի ակումբներ` Ռէալ Մատրիտ, Պարսելոնա եւ Եուվեթուս, 2022-ի ամրան ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումներ պիտի կատարեն Միացեալ Նահանգներու մէջ:
Շատ հաւանական է, որ յաւելեալ չորրորդ խումբ մը եւս` Ա. Սէ. Միլան, միանայ անոնց:
Վերոնշեալ չորսը, ինչպէս նաեւ եւրոպական բազմաթիւ անուանի ակումբներ, «Քորոնա» ժահրին յայտնութենէն առաջ, ասիական եւ հիւսիսամերիկեան իրենց շրջագայութիւններէն զգալի եկամուտ կ՛ապահովէին:
Սակայն վերջին երկու տարիներուն, անոնք զրկուելով շրջագայութիւններէն, նիւթական հսկայական կորուստներ կրեցին: