Ճատրակի միջազգային ֆետերասիոնը` ՖԻՏԷ-ն, երէկ հրապարակեց մարտ ամսուան միջազգային նոր դասաւորումը:
Առաջին հարիւրին մէջ են Հայաստանի երկու ներկայացուցիչներ:
Գաբրիէլ Սարգսեան կը գրաւէ 56-րդ դիրքը, իսկ Հրանդ Մելքումեան յայտնուեցաւ 95-րդ դիրքին վրայ:
Հայաստանի հաւաքականի նախկին անդամ Լեւոն Արոնեան, որ այժմ կը ներկայացնէ Միացեալ Նահանգները, կը գտնուի 4-րդ դիրքին վրայ:
Պարագլուխի դիրքին վրայ է, սովորականին նման, նորվեկիացի Մակնուս Քարլսըն: