Նշանառութեան միջազգային ֆետերասիոնի նախագահ Վլատիմիր Լիսին պաշտօնական յայտարարութեամբ մը ելոյթ ունենալով ըսաւ, որ ռուսական բանակին Ուքրանիա ներխուժման պատճառով Եւրոպայի նշանառութեան ախոյեանութիւնը Ռուսիոյ մէջ պիտի չկատարուի:
Ան ըսաւ, որ շուտով պիտի յայտարարուի այն երկրին անունը, որ Ռուսիոյ փոխարէն այդ ախոյեանութիւնը պիտի հիւրընկալէ:
Նշենք, որ Եւրոպայի ախոյեանութիւնը նախատեսուած է կայացնել 15-30 օգոստոսին` Մոսկուայի մէջ (Ռուսիա):